Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019»-ի երեկոյեան 7:00 –ին, ներկայութեամբ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հովուապէտ՝ Վեր, Պերճ ճամպազեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Դեսպան Արմէն Պայպուրթեանի, Հոգեւոր Հովիւներու եւ Գործիչներու, Փասատինայի Հայ Կեդրոնի Պատասխանատուներու, Ճօ Պաղտատլեանի (որ իր թեկնածութիւնը դրած է Փասատինայի քաղաքապետական Խորհուրդի 4րդ ընտրատարածքի 2020 ի ընտրութիւններուն) եւ hոծ բազմութիւն մը , որոնք համախմբուած էին Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի Հէնրի եւ Անայիս Տէրեան սրահէն ներս, ճաշկերոյթի մը, նուիրուած Եկեղեցիի 97 ամեայ տարեդարձին։
Ճաշկերոյթը սկսաւ Կիլիկիա Եկեղեցիի Վարչութեան Ատենապետ՝ Արա Ասիլեանի բարի գալուստի խօսքով։
Ապա Արա Գուրուեանի Ա.Մ.Ն. եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներու երգեցողութեամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Եսթեր Ասիլեանի։
Օրուան հանդիսավարն էր՝ Եկեղեցւոյ Վարչութեան անդամ Օր. Հէլէն Հէյկ որ ձեռնհասօրէն վարեց օրուան յայտագիրը։
Բացման աղօթքը կատարեց՝ Վեր. Պերճ Ճամպազեան։
Գեղարուեստական յայտագրին՝ Ջութակի վրայ յատուկ նուագներով բաժին բերաւ՝ Օրդ. Մարի Հէյկ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Ալիս Տէր Գեւորգեանի։
Ապա Եկեղեցիի Վարչութեան Ատենապետ՝ Արա Ասիլեան ուրախութեամբ յայտարարեց՝ Կիլիկիա Եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամ եւ Եկեղեցւոյ Երգչախումբի 46 երկար տարիներու վաստակաշատ խմբավար՝ Արմէն Արոյեանի Յիսուն հազար Ամերիկեան Տօլարի Իշխանական նուիրատուութիւնը Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի Երիտասարդաց Կեդրոնին։
Օրուան բանախօսն էր՝ Լօս Անճելօսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Դեսպան Արմէն Պայպուրթեան։
Պրն. Դեսպանը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայ ազգի իւրայատկութիւններուն, արժէքներուն, պապերու հաւատքին, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին, Վարչապետ Փաշինեանի Ա.Մ.Ն. այցելութեան, հայրենադարձութեան եւ Հայաստան Սփիւռք յարաբերութեան մասին։
Որմէ ետք հրաւիրուեցաւ Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ Ճաշկերոյթի ընթացքին բաժին բերողներուն, ներկաներուն եւ յատկապէս Արմէն Արոյեանին, իր իշխանական նուիրատութեան համար։
Ապա Վեր. Մկրտիչեան, մասնաւորապէս անդրադարձաւ Դեսպան Պայպուրթեանի նուիրական եւ անշահախնդիր ծառայութիւններուն համար թէ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ ու ներկաներու ծափահարութիւններով բեմ հրաւիրեց եւ Եկեղեցիի անունով պարգեւատրեց՝ Դեսպան Պայպուրթեանը Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի «Խաչքառ» Գնահատանքով։
Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ, ներկաներու Փառաբանութեան երգի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի Առաքելական Օրհնութեան աղօթքով։
Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցի-
Փասատինա
Comments