top of page

Հայը Եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ

AEUNA

Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2019-ին, Երեկոյեան ժամը` 7.30 –ին, Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցւոյ՝ Տէրեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» Գիրքի ներկայացումը։



Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Եկեղեցւոյ Վարչութեան Ատենապետ՝ Արա Ասիլեան։ Ան բարի գալուստի խօսք ուղղեց մշակութասէր եւ գրականասէր հանրութեան եւ անդրադարձաւ Դոկտ. Ահմարանեանի գրական բեղուն վաստակին եւ ներկայացուց ու հրաւիրեց Եկեղեցւոյ Հովիւը՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը որ նաեւ գիրքին Յառաջաբանը գրած էր, ներկայացնելու Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի՝ « Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» գիրքը։


Վեր․ Ս. Մկրտիչեան, նախ անդրադարձաւ Դոկտ. Ահմարանեանի կենսագրական գիծերուն, նաեւ յիշելով թէ այս գիրքը կը համարուի հեղինակին 30 -րդ աշխատասիրութիւնը եւ այս տարի իր գրական վաստակին 50 ամեակը։


Ապա Վեր. Մկրտիչեան հետեւեալ հարցումով շարունակեց՝


«Արդեօք Հայը եւ Հայաստանը գոյութիւն ունի՞ Աստուածաշունչին մէջ»։ Ան ներկայացուց գիրքին պարունակութեան ցանկը եւ մէջբերումներով անդրադարձաւ Դոկտ. Ահմարանեանի վերլուծումներուն եւ թէ ինչպէս ան յաջողած է փաստել թէ Հայը եւ Հայաստանը էական եւ կարեւոր տեղ ունին Աստուածածաշունչին մէջ։



Արժանի է յիշել թէ 19-ը բաժիններէ բաղկացած գիրքը հարուստ է թարգմանական եւ լեզուական մէջբերումներով ու մասնագիտական աշխատանքով հարստացած է օտար եւ հայ աղբիւրներ օգտագործելով, տալով գիրքին ակադեմական խորք։


Հետաքրքրական է տեսնել թէ գիրքի իւրաքանչիւր բաժնի վեռնագիրը թարգմանուած է Անգլերէնի եւ գիրքի վերջաւորութիւնը ունի Անգլերէն լեզուով ամփոփում մը որ կարծէք հեղինակը ըսել կ՚ ուզէ եւ ցոյց կու տայ ոչ Հայերէն կարդացողին թէ Հայը Աստուածաշնչական ժողովուրդ եղած է եւ պատմութեան ընթացքին միշտ առկայ եղած է Աստուածաշունչին հետ։


Ապա ծափահարութիւններով հրաւիրուեցաւ գիրքի հեղինակ՝ Դոկտ․ Յովհաննէս Ահմարանեան, որ փոխանցեց իր շնորհակալական սրտի խօսքը եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն։


Գրական երեկոն ճոխացաւ երբ ներկաները ունկնդրեցին Մարալ Բարսեղեանի հոգեպարար մեներգները, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տաղանադաւոր դաշնակահարուհի՝ Եսթեր Ասիլեանի։


Երեկոն իր աւարտին հասաւ Կիլիկիա մաղթերգով եւ Վեր. Յովհաննէս Մելքոնեանի աղօթքով։


Շնորհանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն։

Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցի

Փասատինա

25 views0 comments

Recent Posts

See All

Comments


Donate to AEUNA ministries and projects via the link above, or mail to the office address in Glendale.

CONTACT

411 E. Acacia St., Ste 200

Glendale  CA  91205

 

aeuna@aeuna.org

818-500-8839

JOIN OUR EMAIL LIST
  • Instagram AEYF East
  • Facebook - AEUNA

© 2023 by HARMONY. Proudly created with Wix.com

bottom of page